2009-01-23 13:16:21

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը` քոյր եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացում։


Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը գտերապայծառ Պրիան ֆառել, խօսելով քրիստոնեաներու շարժումի գործունէութեան մասին հաստատեց թէ հակառակ որոշ յոգնութեան եւ յուսախաբութեան քոյր եկեղեցիներու միջեւ կը նշմարուի յարաբերութիւններու զարգացում մը։ Այս իրողութիւնը կարելի է նշմարել Սրբազան Քահանայապետի բազմաթիւ հանդիպումներու ու համամիութենական բնոյթ ունեցող ճառերուն մէջ։

Մխիթարական է տեսնել որ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ յաճախակի շփումները, որոնց արդիւնք կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ գոյացող փոխադարձ յարգաքն ու հասկացողութիւնը։ Շնորհիւ փոխադարձ սիրոյ այս կապին, աստուածաբանական երկխօսութիւնը նշանակալից եւ անսպասելի արդիւնքներ կ՛արձանագրէ։ Աւելի քան 40 տարիներու երկխօսութիւնը արտադրեց անթիւ անհամար ուսումնասիրութիւններ ու վաւերաթուղթեր, որոնք միատեղ վկայութիւն կու տան որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան Յիսուսի աղօթքի իրականացման փնտռտուքը։ Հաւատարիմ այս աղօթքին, եկեղեցիներու պատասխանատուները երկխօսութեան ճամբով կ՛աշխատին գերազանցել անցեալի ցաւալի անհասկացողութիւնները եւ յանուն նոյն հաւատքին կ՛աշխատին հարթել միութեան ճամբան, որպէսզի աշխարհին առջեւ ներկայանան միացած՝ սիրոյ ու ճշմարտութեան մէջ։ Շատ մը քրիստոնեաներ կը ձգտին այս կատարեալ միութեան, հաստատած է կարտինալ Քասբեր` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.